2015-06-30 13:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը` հրապարակային ունկնդրութիւններու դադար։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 30 յունիսի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, մամուլին ներկայացնելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յուլիս 5-13 Էքուատոր­­, Պոլիվիա եւ Փարակուէյ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը յայտնեց թէ այսօր` առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն տուաւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին ողջունելու զայն ու անոր մաղթելու բարի հանգիստ Քասթելկանտոլֆոյի Քահանայապետական պալատին մէջ ուր վաստակաւոր Քահանայապետը փոխադրուեցաւ այսօր եւ ուր պիտի մնայ մինչեւ 14 յուլիս 2015։ Երկու Քահանայատներու միջեւ հանդիպումը տեւեց գրեթէ 30 վայրկեան։  

Հայր Լոմպարտի ապա յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները դադրած կը նկատուին Յուլիս  ամսուայ ընթացքին եւ կը վերսկսին օգոստոս ամսուայ սկիզբը` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, բացի 3 յուլիսի յետմիջօրէի նախատեսուած հանդիպումին` Ս. Հոգւոյ խարիզմական շարժումի 38-րդ  հաւաքի առթիւ։

Դադրած կը նկատուին նաեւ առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ կայացած սուրբ պատարագներու` հաւատացեալներու մասնակցութիւնը Յուլիս եւ օգոստոս ամիսներու ընթացքին մինչ  կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքները հետեւողականութեամբ կը շարունակուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.